Ապրիլ 2016-ին Ֆրանսայի դատարանը Լապաքիի նկատմամբ ձերբակալութեան միջազգային հրաման արձակած է, եւ 8 Նոյեմբեր 2021-ին ան հեռակայ կարգով դատապարտուած է անչափահասներու նկատմամբ բռնաբարութեան եւ սեռական ոտնձգութիւններու մեղադրանքով ու դատապարտուած է 15 տարուայ ազատազրկման։
Ընկերային ցանցերու վրայ վերջերս լուր տարածուեցաւ այն մասին, թէ Հռոմի Պապ Ֆրանցիսկոսի որոշումով, մանկապղծութեամբ մեղադրուած Լիբանանցի վարդապետ՝ Մանսուր Լապաքի զրկուելով հոգեւորականի աստիճանէն, վերադարձած է աշխարհիկ կեանքի։
Մանսուր Լապաքի եղած է լիբանանցի Մարոնի քահանայ, երաժիշտ եւ գրող։ Ան յայտնի էր իր բարեգործական եւ կրթական աշխատանքներով՝ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, լիբանանցի որբ երեխաներուն հոգատարութեամբ։ Ան յօրինած է բազմաթիւ եկեղեցական շարականներ եւ հոգեւոր երգեր։ Եօթանասունականներուն հիմնած է մանկապատանեկան երգչախումբ մը Լիբանանի մէջ։
1990 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ եւ Նորմանտի Տովր քաղաքին մէջ հիմնած է «Լիբանանի մանուկներու Աստվածամօր տունը», ուր լիբանանցի դպրոցական աշակերտներ կը յաճախէին։