image

Հրաժարական տուած է Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը

Հրաժարական տուած է Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան   կառավարիչը

Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան ղեկավարը հրաժարական տուած է ընտանիքի վրայ ճնշումներու պատճառով։

Ան խնդրած է նախագահ Էրտողանէն ազատել իրեն զբաղցուցած պաշտօնէն։

«Վերջին օրերուն իմ եւ իմ ընտանիքի հասցէին միտումնաւոր եւ իրականութեան չհամապատասխանող հաղորդագրութիւններ տարածուած են, որոնք կը քայքայեն վստահութիւնը մեր դրամատան նկատմամբ։ Զիս եւ մեր դրամատունը մեղադրող անհիմն լուրերն անընդունելի են. ես պիտի օգտագործեմ իմ օրինական իրաւունքները յանցագործներու դէմ»,- գրած է ան X-ի էջին։

Էրքանը նախապէս քննադատութեան ենթարկուած էր այն բանէ ետք, երբ ան բողոքած էր Իսթանպուլի մէջ վարձակալութեան բարձր գիներէն: