image

Հրազդան Զէյթլեանի նոր յաջողութիւնը

 Հրազդան  Զէյթլեանի նոր  յաջողութիւնը

Ամերիկահայ   ճարտարապետ  Հրազդան  Զէյթլեանի      գլխաւորած     գրասենեակը  օրերս նոր յաջողութիւն ձեռք  ձգած է։

 Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց  համացանցէն։

Կը նշուի, որ     Զէյթլեանի    գրասենեակը  մասնակցած է   մրցանքի եւ  իր պատրաստած  ճարտարապետական   ծրագրին  համար    ստացած է  առաջնութիւն, հետեւաբար նաեւ    ծրագիրը իրականացնելու  հնարաւորութիւն։

Կը նշուի, որ  «Գոմբթոն»  Գոլէճին համար  նախագծուած  ծրագիրը ունի   արդիական  մօտեցումներ, ուր  իրար հետ հաղորդակցութեան    կը մտնեն  գերարդիական    ճարտարապետական դրուածքները  ու  նաեւ բնութեան    խորքային   լուծումները կը ստանան  յատուկ կերպարանք։

 Ամերիկեան արդի  շունչով      հունաւորուած     ճարտարապետի  յղացքներուն մէջ բնականաբար  կան նաեւ   հայկական  պայծառ  մտքի դրսեւորումներ   նաեւ այն  պատճառով, որ Մուսալեռցի   արմատներ ունեցող ճարտարապետին համար ազգային  երակն ու  պատկանելիութեան ոգին  անզանցառելի են։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Հրազդան Զէյթլեան  որդին  է    երկար  տարիներով ՀՅԴ   պատասխանատու պաշտօններ վարած  ՝Սարգիս Զէյթլեանին։