image
Հրատապ լուրեր:

ՀՕՄ-ի Վարչուհիներուն հանդիպումը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

ՀՕՄ-ի Վարչուհիներուն հանդիպումը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ

Մայիս 1-ին ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՀՕՄ-ի յառաջիկայի ծրագիրները` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միութեան ներկազմակերպական ընելիքները:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանն ու վարչութեան միւս ընկերուհիները կարեւորեցին յատկապէս Արցախի մէջ նախատեսուած ընկերային ծրագիրներն ու Արցախի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմների մասնակից եւ վիրաւոր շուրջ 250 արցախցի եւ հայաստանցի ուսանողներուն աջակցութիւն տրամադրելու նախաձեռնութիւնները: