image

ՀՕՄ-ի հերթական նաւապտոյտը աւարտած է մեծ յաջողութեամբ. Մասնակիցները հասած են մինչեւ Պրազիլիա

ՀՕՄ-ի հերթական նաւապտոյտը աւարտած է մեծ յաջողութեամբ. Մասնակիցները հասած են մինչեւ Պրազիլիա

Հայ օգնութեան միութիւնը կազմակերպած էր իր ութերորդ միջազգային նաւապտոյտը, որ աւարտած է մեծ յաջողութեամբ։ 13-օրեայ պտոյտը կ՛ընդգրկէր երեք օր Արժանթին եւ երկու օր ալ Պրազիլի մէջ ցամաքային պտոյտներ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՀՕՄ-ի 230 անդամներ եւ համակիրներ՝ տարբեր երկիրներէ: 

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հայ օգնութեան միութեան ութերորդ միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ, եւ բոլոր մասնակիցները գոհ ու լիցքաւորուած, ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններով վերադարձան իրենց բնակած երկիրները:

17-29 ապրիլ տեւած պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի 230  անդամներ եւ համակիրներ, որոնք եկած էին տարբեր երկիրներէ: Նաւապտոյտը կ՛ընդգրկէր երեք օր Արժանթին եւ երկու օր ալ Պրազիլի մէջ ցամաքային պտոյտներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները ապրեցան հաճելի պահեր: Պուէնոս Այրեսի մէջ մատուցուեցաւ յատուկ սուրբ պատարագ` նաւապտոյտին մասնակիցներուն ներկայութեամբ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Իսկ ՀՕՄ-ի Արժանթինի անդամները ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցին տեղւոյն հայկական ակումբին մէջ: Այս առիթով ներկաները մեծ խանդավառութեամբ լսեցին երգիչ էլի Պէրպէրեանը, որ իր նուագախումբին նուագակցութեամբ անմոռանալի պահեր ստեղծեց ներկաներուն համար:

20 ապրիլին մասնակիցները բարձրացան նաւ, որ եօթնօրեայ պտոյտին ընթացքին կանգ առաւ Ուրուկուէյի Մոնթէվիտիօ քաղաքը, ուր ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամները կազմակերպեցին տեսարժան վայրերու պտոյտ մը, որուն ծիրին մէջ այցելութիւն մը տրուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին: Ապա ընկերուհիները կազմակերպեցին ջերմ ընդունելութիւն մը:

Պէտք է նշել, որ երգիչ Էլի Պէրպէրեան իր նուագախումբով մասնակցեցաւ նաւապտոյտին եւ նաւուն մէջ խրախճանքներու ընթացքին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել 24 ապրիլի երեկոյեան կազմակերպուած հայրենասիրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին նաւապտոյտին մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

23 ապրիլը եղաւ իւրայատուկ օր մը նաւապտոյտին մասնակիցներուն համար, որովհետեւ մեծ յաջողութեամբ նշուեցաւ ՀՕՄ-ի օրը, որուն ընթացքին փաուըր փոյնթով ներկայացուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան անցնող երկու տարիներու աշխատանքը: Անոր յաջորդեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Յաջորդ օրը նաւապտոյտին մասնակիցները յաջորդաբար այցելեցին Պրազիլի Պազիոս, Իլ Հապէլա, Սանթոս եւ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքները` վայելելով Պրազիլի տեսարժան վայրերը:

ՀՕՄ-ի 2024-ի միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Մասնակիցները հաճելին օգտակարին միացնելով` ամբողջացուցին ծրագիրը եւ իրարմէ բաժնուեցան դարձեալ հանդիպելու խոստումներով: Այս նաւապտոյտին յաջողութեան մեծապէս նպաստեց նաւապտոյտի յանձնախումբին ժրաջան աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողութեամբ պսակել ծրագիրը:

ՀՕՄ-ի նաւապտոյտը միութեանս դրամահաւաքի կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկն է, որուն հասոյթով կարելի կ՛ըլլայ շարունակել մեր մարդասիրական առաքելութիւնն ու իրականացնել կրթական, առողջապահական եւ խնամատարական ծրագիրները: