image

Հնդկաց ասորական եկեղեցւոյ առաջնորդը այցելած է Նիկոսիոյ Առաջնորդարան

Հնդկաց ասորական եկեղեցւոյ առաջնորդը այցելած է Նիկոսիոյ Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հնդկաստանի Malankara Mar Thoma Ասորական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Ճոզէֆ Մար Պարնապասը եւ հանդիպում ունեցաւ  Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ.  Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ:  Ան Միջեկեղեցական առաքելութեամբ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ացելէր Կիպրոս:

Աւելի քան ժամ մը հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Միջեկեղեցական հարցեր, Հնդկաստանի, (եւ անցեալի հայ գաղութի), Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ  Կիպրոսի քաղաքական անցուդարձերն ու իրավիճակները:

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութեան համար եւ ապա լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ գործող կառոյցներու եւ մարմիններու հոգեւոր ու ազգային գործունէութեանց մասին: Անոնք միասնաբար այցելեցին Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցին, ուր միասնաբար աղօթք բարձրացուցին աշխարհի եւ յատկապէս Արցախի խաղաղութեան համար:

Յայտնենք, որ Պարնապաս Սրբազանը Առաջնորդն է երկու մեծ թեմերու բաղկացած 190 եկեղեցիներէ եւ ծուխերէ, առաւել Առաջնորդն է Տուպայի եւ Տոհայի: Աւանդաբար Malankara Mar Thoma Ասորական Եկեղեցին աշխարհի ամենէն հին եկեղեցիներէն մէկն է, որուն հիմնադիրն է Թովմաս Առաքեալը 52 թուականին:

 

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

23 Դեկտեմբեր  2022