«Արեւելք» Համացանցէն վերահասու դարձաւ, որ վերջին տաս տարիներուն Լիբանանի պասքէթպոլի ոլորտին մէջ իր ստորագրութիւնը դրած պէյրութահայ մարզիկ՝ Սեւակ Քէթէնճեան իր արհեստավարժ մարզիկի կեանքին մէջ նոր փուլի մը անցած է։
Քէթէնճեան, որ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ մաս պիտի կազմէ ամերիկեան պասքէթպոլի John Jay Men's Basketball խումբին, որպէս գլխաւոր մարզիչի աւագ օգնական։
Նուիրական բարձր ոգիի եւ մարզական ունակութիւններու տէր Սեւակ Քէթէնճեան շատ կարճ ժամանակի մը մէջ դարձած էր Լիբանանի այս մարզաձեւի սիրուած դէմքերէն մին եւ ան հանդէս կու գար ՀՄԸՄ-ի Պասքէթպոլի տղոց աւագ խումբէն։
Յաջողութիւն՝ լիբանանահայ մարզիկին։