image

ՀՀ ՄԻՊ-ը Ռուսիոյ դեսպանին հետ քննարկած է հայ գերիներու հարցը

ՀՀ ՄԻՊ-ը Ռուսիոյ դեսպանին հետ  քննարկած է հայ գերիներու հարցը

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:

Դեսպանը շնորհաւորած է տիկին Գրիգորեանը պատասխանատու առաքելութեան ստանձնման առթիւ: Ռուսիոյ դեսպանը կարեւորած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած է զայն շարունակելու իր պատրաստակամութիւնը:

Դեսպանը յատուկ շեշտած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կարեւոր դերակատարումը պետութեան հաստատութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատշաճ արձագանգելու տեսանկիւնէն եւ գնահատած է Պաշտպանին ջանքերը՝ ուղղուած այս օրերուն տեղի ունեցող հաւաքներու ազատութեան երաշխաւորման եւ անոնց ընթացքին մարդու իրաւունքներու յարգման եւ պաշտպանութեան:

Պաշտպան Գրիգորեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը հայրենիք վերադարձնելու հրատապութեան եւ ընդգծած է Ռուսիոյ կարեւոր ու պատասխանատու դերակատարումը այս ուղղութեամբ: Պաշտպանը ներկայացուցած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու ընտանիքներուն, անհետ կորսուած անձերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ համայնքներու մէջ բնակող անձերու հետ պարբերական հանդիպումներու ընթացքին վերհանուած անվտանգութեան,  մարդասիրական եւ ընկերային խնդիրները: Պաշտպանը յոյս յայտնած է, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ իր կարեւոր ջանքերը` ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հայրենադարձման ուղղութեամբ:

Կողմերն ընդգծած են ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ ՌԴ Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի հաստատութիւններուն միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով, այդ շարքին` Օմպուտսմաններու Եւրասիական Դաշինքի շրջանակներուն մէջ: