image

Հերթական վէճ եւ լարում Ազգային Ժողովէն ներս

Հերթական վէճ եւ լարում Ազգային Ժողովէն ներս

Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանի ելոյթէն անմիջապէս ետք իշխանական պատգամաւորներու եւ ընդդիմութեան միջեւ սկսած է լեզուակռիւ, հնչած են փոխադարձ վիրաւորանքներ։

Միասնեան իր ելոյթին մէջ խօսած էր այն մասին, թէ ինչու իրենք չեն մասնակցած իշխանական պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանի հոգեհանգիստին, որուն յաջորդած է ՀՀ Ազգայն Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի պատասխանը։

Սկիզբը փոխադարձ վիրաւորանքներ եղան Արծուիկ Մինասեանի հետ, ապա Սիմոնեանը սկսաւ պատասխանել «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի` տեղէն ըրած յայտարարութիւններուն` ըսելով. «Դուք ձեր կեանքով ու ձեր արժանապատւութեամբ զբաղուէք էլի, ձեր արածներով։ Դատական նիստի ժամանակ կը խօսեք այդ մասին։ Դու–ն դու ես, չհամարձակուես Ազգային Ժողովի նախագահի հետ դու–ով խօսաս։ Բա դու ով ես, եթէ ես Ազգային Ժողովի նախագահը չեմ։ Դու ի՞նչ ես անում ստեղ. գնայ տուն սարքի քեզ համար տարբեր տեղերում»։

Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճը լքելու ժամանակ Ալեն Սիմոնեանը նաեւ պոռաց. «Քեզ նման գեներալները պարտուեցին»։

Ամպոնի մօտ եկած «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը միացաւ լեզուակռիւին եւ դիմելով Սէյրան Օհանեանին` ըսաւ, «Պարոն Օհանեան, ձեզ կոռեկտ պահէք։ Դուք դաստիարակութիւն ստացե՞լ էք։ Դուք չգիտէք, որ պատգամաւորի հետ դու–ով չեն խօսում։ Սուս, ձայնդ, լռի, առանց յաւելեալ տուայտանքների։ Ի դէպ, մեծ մասը չլսեց, թէ ինչ ասացիք Ազգային Ժողովի նախագահին, հիմա ասում եմ` սրիկան դուք էք։ Ձայնդ, պապանձուիր»։

ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն անմիջապէս ընդմիջում յայտարարեց։

Ընդմիջումէն ետք ընդդիմութիւնը դահլիճ չվերադարձաւ։ Հայկ Կոնջորեանը, շարունակելով իր ընդհատուած ելոյթը, յայտարարեց. «Ընդդիմութեան դատարկ աթոռների պայմաններում խօսելը նմանւում է ընդդիմութեան օղորմաթասին»։

Ինչ կը վերաբերի անոր, որ ընդդիմութիւնը Ազգային Ժողովի նիստին 15 վայրկեան ուշացումով եկաւ, որ մէկ վայրկեան լռութեամբ չյարգէ պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանի յիշատակը, Հայկ Կոնջորեանը նշեց, որ այդ արարքը ոչ միայն քաղաքականապէս սնանկ է, այլեւ մարդկայնօրէն` ճղճիմ։ «Վիգէն Խաչատրեանն այսօր քաղաքկանապէս աւելի ողջ է, քան դուք»,– իր ելոյթը եզրափակած է ան։