image
Հրատապ լուրեր:

Հենօն եռագոյնով կը տօնէ «Ռոմա»ի յաղթանակը

Հենօն  եռագոյնով կը տօնէ «Ռոմա»ի յաղթանակը

Իտալական «Ռոմա»ն դարձաւ Քոնֆըրընս լիկայի առաջին խաղարկութեան յաղթողը: Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ կայացած աւարտական խաղին Ժոզէ Մորինիոյի խումբը հիմնական ժամանակին մէջ առաւելութեան հասաւ Հոլանտայի «Ֆեյենուրտ»ի նկատմամբ:

Հայաստանի հաւաքականի նախկին կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը, որ խաղի 17-րդ վայրկեանին փոխարինուած էր վնասուածքի պատճառով, եռագոյնով տօնած է յաղթանակը:

Աւարտական խաղին հռոմեան խումբը յաղթած էր 1:0 արդիւնքով: 32-րդ վայրկեանին Մանչինիի փոխանցումէն յետոյ Ձանիոլոն բացաւ հաշիւը: