Շատերու ծանօթ անուն հանդիսացող Տիկին Մարալ Տապպաղեանը ազնիւու պայծառ մօտեցումներով անձնաւորութիւն է։
Երկար տարիներէ ի վեր Ամերիկայի Լոս Անճելըս քաղաքը հաստատուած հայուհիին համար տարուան բոլոր եղանակները, ամիսներն ու օրերը հայութեան օրեր են։
Հայութեամբ ապրող, հայութեամբ մտահոգուող եւ հայութեան համար փոքր նեցուկ մը ապահովելու համար ապրող Տիկին Մարալը սիրած է իր կեանքը իմաստաւորել այդ ոգիով։
Տարիներ առաջ էր, երբ Իրաքի մէջ պատերազմը իր գագաթակէտին հասաւ, տիկին Մարալ մեծ ճիգեր գործադրեց, որ հասնի իրաքահայերու ծով կարիքներուն, ու շնորհիւ իր բարեկամներուն ու իր հանդէպ մեծ վստահութիւն տածող շրջանակի անդամներուն, ան կարողացաւ սատար կանգնիլ տասնեակ իրաքահայ ընտանիքներու, որպէսզի գան ու Հայաստան հաստատուին։
Ու այդ օրէն ալ, ամէն առիթի Հայաստան գալով ան յաջողեցաւ աւանդոյթ դարձնել իրաքահայերը ի մի բերել ու անոնց հետ կիսել ու կիսուիլ անցեալի գեղեցիկ յուշերն ու զգալ Մայր Հայրենիքի երդիքին տակ ապրելու քաղցրութիւնը։
Այս տարի ալ ու հակառակ Հայաստանի մէջ մեր բոլորի ապրած դժուարին պահերուն, ամէն անգամուայ պէս տիկին Մարալը ի մի բերաւ իրաքահայ հայորդիները ու անոնց հետ անցուց շէնշող ու ապրեցնող պահեր։
Հարկ է նշել, որ տիկին Մարալ, ինչպէս տարբեր առիթներու այս տարի ալ քաջալեր կանգնելով իրաքահայ յայտնի մտաւորական, եւ ուսումնասիրող ՝ Համբարձում Աղպաշեանին, վերջինիս օրերս հրապարակած «Իրաքի հայութեան արդի պատմութիւն» շահեկան հատորի տասնեակ օրինակներ նուիրեց իրաքահայերու ու նաեւ Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպանատունը ներկայացնող պատասխանատուներու։
Այս տարուան այցն ուրիշ իմաստներ ալ ունէր. տիկին Մարալ իր գործընկերներուն ու ծանօթներուն հետ ստանձնեց բազում նախաձեռնութիւններ, ճամբորդեց դէպի Արցախ ու այնտեղ ալ իր սրտի պարտքը կատարեց։
Տիկին Մարալի նուիրումը մեծ է ու ամէն պարագայի անոր բաց սիրտը, պայծառ հոգին եւ նուիրեալ անունը շարունակութիւնն է այն դաստիարկութեան, որ ան ստացած է իր ծնողներէն եւ ի մասնաւորի հօրմէն՝ Խոսրով Տապպաղեանէն, երբ դեռ Իրաքի մէջ ապրող պատանեակ մըն էր։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ թուականին «Արեւելք» հարցազրոյց մը կատարած էր Մարալ Տապպաղեանին հետ. այն կարդալու համար սեղմել այստեղ։