image
Հրատապ լուրեր:

20 Տարի անց. Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Հալէպի մէջ.Ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը պիտի ծառայէ՝ Պաղտատի մէջ

  20 Տարի  անց. Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Հալէպի մէջ.Ձեռնադրեալ  եպիսկոպոսը  պիտի ծառայէ՝ Պաղտատի մէջ

Պաղտատի այս թեմը, որ կը ծառայես բաւական տարիներէ ի վեր որպէս առաքելական կառավարիչ, տասնամեակներ շարունակ մեծ տառապանքի մէջ է, ուստի կարիքը ունի բարեխիղճ Հովիւի կերպարով յանձնառու եւ խիզախ առաջնորդի մը

«Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը նոր ծնունդ մըն է կեանքիս մէջ, իսկ կարգախօսս՝ սիրով ծառայելն է»: Այս խօսքերով ներկայացաւ Հայր Ներսէս Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Զապարեան՝ իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան Պատարագին, Հալէպի Ասորի Կաթողիկէ Աստուածամօր Վերափոխման աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, նորօծ առաջնորդին եւ մասնակից պատուիրակութիւններուն թափօրը մտաւ սկաուտներու նուագին, եկեղեցական դրօշներու ու շարականներու ընկերակցութեամբ։

Հայր Ներսէս Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Զապարեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի ձեռամբ

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի զանազան անդամներ, որոնք ժամանած էին տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւորական հայրեր, քահանաներ ու սարկաւագներ:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Հալէպի Եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր, Պաղտատի Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ Սիւնհոդոսի անդամ Մար Եուսէֆ Ապա արքեպիսկոպոսը, որուն կ’ընկերակցէր պատրիարքութեան ընդհանուր համադրող մոնսինիոր Հապիպ Մրատ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան տիար Տիգրան Գէորգեան, Հայ Հիւպատոսը եւ հիւպատոսարանէն պատուիրակութիւն մը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, Հալէպ նահանգի քարտուղար տիար Ժորժ Պախխաշ, նահանգը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ կուսակցական, ընկերային, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներ:

Հայր Ներսէս Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Զապարեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի ձեռամբ

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն ետք, Ճեզիրէի եւ Եփրատ շրջանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Անդրանիկ Եպս. Այվազեան արտասանեց պատրիարքական թուագրուած նամակը՝ 27 Օգոստոս 2023-ին, որուն մէջ կոչ ուղղեց նորօծ եպիսկոպոսին, որ սրբութիւնը ստանայ ու պարգեւէ Պաղտատի Եկեղեցւոյ հաւատացեալ հոգիներուն, ինչպէս եւս ձգտի զարգացնել առաքինութիւնները ու քաջալերել հաւատքն ու հետեւողական ըլլալ աղօթքին մէջ:

Ան նաեւ նշեց, թէ նոր եպիսկոպոսը իր պաշտօնը կը ստանձնէ մեծ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, սակայն ան ունի այն բոլոր յատկանշական շնորհքները ու վսեմ առաքինութիւնները, որպէսզի կարողանայ օրինակելի հովիւ մը դառնալ իր թեմին, որ կը կարօտի յատուկ ուշադրութեան ու բարգաւաճման:

Հայր Ներսէս Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Զապարեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի ձեռամբ

Իր կարգին, նորօծ եպիսկոպոսը իր սրտի խօսքին մէջ մէջբերեց հետեւեալը.

«Մենք գիտենք, որ ներկայիս կ’ապրինք դժուար պայմաններ այս տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ գիտենք, թէ որքան հոգատարութեան եւ ուշադրութեան կարիքը ունինք, որպէսզի Եկեղեցին մնայ ամուր, հաստատուն եւ անսասան, եւ ես նկատի կ’առնեմ այն Եկեղեցին, որ մարմնով ու արիւնով կազմուած է, այսինքն՝ հաւատացեալները, որոնք միասնաբար կը կազմեն Յիսուս Քրիստոսի հիմնած Սուրբ Կենդանի Եկեղեցին»:

Ան աւելցուց. «Դժուար պայմանները, որուն մէջ կը գտնուի տարածաշրջանը, կը պահանջեն գործել ու կատարել այն, ինչ որ կարող ենք ընել Տիրոջ օգնութեամբ, որպէսզի պահպանենք մեր եկեղեցիները, ինչպէս նախապէս, նոյնպէս ներկայիս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, զորոնք կը դիմագրաւենք:

Հայր Ներսէս Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Զապարեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի ձեռամբ

Այնուհետեւ, Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան փոխանցեց Հռոմի Պապ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնը ու շնորհաւորանքը, զոր յայտնած էր Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ՝ արքեպիսկոպոս Գլաուտիօ Կուճերոթին, հետեւեալ տողերով.

«Պաղտատի այս թեմը, որ կը ծառայես բաւական տարիներէ ի վեր որպէս առաքելական կառավարիչ, տասնամեակներ շարունակ մեծ տառապանքի մէջ է, ուստի կարիքը ունի բարեխիղճ Հովիւի կերպարով յանձնառու եւ խիզախ առաջնորդի մը։

Եւ Հռոմի Պապին հետ, որ 2021 թուականին այցելեց Իրաք, ես ձեզ կը հրաւիրեմ չյուսահատելու եւ հաստատակամ մնալու յոյսին մէջ, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ աւետե՛ս ու բարի Լուրի կենդանի վկան դառնա՛ս»։

Աւարտին, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կղերական դասին, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումն ունեցան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան յաջողութեան ու կազմակերպման աշխատանքին մէջ, խնդրելով Աստուծմէ, որ նորօծ եպիսկոպոսին շնորհէ առողջութիւն եւ առատաձեռնութիւն, որպէսզի Պաղտատի վրայ կրէ յոյսի ջահը։

 

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

«vaticannews.va»