«Արեւելք» թերթի մտերիմներէն, Հայ Կաթողիկէ նուիրեալ միաբան Հայր Գառնիկ Ծ.Վրդ. Յովսէփեան, որ աւելի քան 10 տարիներու ծառայութիւն մատուցած էր հայրենիքի մէջ, օրերս փոխադրուած է ի Պէյրութ հոգեւոր իր ծառայութիւնները Մայրիներու երկրին մէջ մատուցելու։
Նոյն ծիրէն ներս այսօր վերահասու դարձանք, որ ծանօթացման եւ կապերու վերամրպնդման ծիրէն ներս հայր սուրբը այցելութիւն տուած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան։
Այդ մասին կը կարդանք առաջատար հայկական վարժարանի կայքէջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան 15 Մայիս 2023-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ անցեալ տարի Երեւանի մէջ հրատարակուած իր գիրքէն օրինակներ նուիրեց վարժարանի տնօրնէութեան, գրադարանին եւ աշակերտներու: Գերյարգելի վարդապետին կ՛ընկերակցէին Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Թոփալեան եւ ժողովրդապետի օգնական հայր Վարդան Ժալլուֆ:
«Խոհեր առօրեային համար...» վերնագրուած հատորը կը համախմբէ հայր Յովսէփեանի՝ 1998-էն մինչեւ 2021 տարածուած գրութիւններու ընտրանին, որուն գերկշիռ մասը ուղղուած է երիտասարդութեան: