Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր 3 նոյեմբերին՝ ժամը 20:15-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է: Յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն։
Ժամը 21:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է: