image

Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը պարտաւոր են լուծումներ գտնել. Ռուս գործիչ

Հայաստանը եւ  Ատրպէյճանը պարտաւոր են լուծումներ գտնել. Ռուս  գործիչ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոն ըսած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար, գրած է interfax.ru-ն։

«Ռուսիան հանդէս եկած է որպէս միջնորդ, կը շարունակէ հանդէս գալ եւ օգնութիւն կը տրամադրէ, որպէսզի երկու երկիրները հասնին խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման»,- ուրբաթ յայտարարած է Մաթվիենքոն՝ Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի (խորհրդարան) նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպման ժամանակ։

Դաշնային խորհուրդի նախագահը յիշեցուցած է, որ ելոյթ ունենալով Վալտայ ֆորումին՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փուտին ըսած է, որ Ռուսիան կ'աջակցի որեւէ որոշման, որ կ'օգնէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելուն եւ, ի հարկէ, պէտք է հաշուի առնէ երկու երկիրներու շահերը։

«Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը ի վերջոյ պէտք է լուծումներ գտնեն սահմանի սահմանազատման եւ խնդրայարոյց հարցերու շուրջ»,- ըսած է Մաթվիենքոն։

Ան նշած է, որ այդ նպատակին հասնելու համար կ'օգտագործուի նաեւ խորհրդարանական համագործակցութիւնը։

Հանդիպումը կայացած է ԱՊՀ անդամ պետութիւններու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանի ծիրէն ներս։