ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը ընդունած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնը դատապարտող չորրորդ բանաձեւը։
Ինչպէս յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ բանաձեւին կողմ քուէարկած են 141 երկրի ներկայացուցիչներ, դէմ՝ 7, ձեռնպահ՝ 32։
Հայաստանը ձեռնպահ մնացողներու շարքին էր այնպիսի երկիրներու հետ, ինչպիսիք են Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իրանը, Ղազախստանը, Տաճիկստանը, Ուզպեքիստանը:
Ատրպէյճանը քուէարկութեան չէ մասնակցած, իսկ Վրաստանը բանաձեւին կողմ քուէարկած է:
Նշենք, որ 2022-ի նոյեմբերին Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ըսած էր, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի իր բարեկամ երկիրներու դիրքորոշումներուն ՄԱԿ-ի քուէարկութիւններուն ժամանակ։
Փեսքովն այդ մասին ըսած էր՝ մեկնաբանելով այն, որ, մասնաւորապէս, Հայաստանը, Ղազախստանը եւ Սերպիան ձեռնպահ մնացած էին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ մէջ պատճառուած վնասի փոխհատուցման մեքենականութեան ստեղծման վերաբերող բանաձեւի քուէարկութեան ժամանակ։