image

Հայաստանն ու Արցախը կանգնած են Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուելիք պատերազմի առջեւ. Ատամ Շիֆ

Հայաստանն ու Արցախը կանգնած են Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուելիք պատերազմի առջեւ. Ատամ Շիֆ

Հայաստանն ու Արցախը կանգնած են Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի իրական վտանգի առաջ, այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսական Ատամ Շիֆը:

«Ցնցող էր տեսնել հայերու հանդէպ ցեղասպանութիւն քարոզող պաստառներ: Մենք բոլորս պէտք է խստօրէն դատապարտենք այս մոլեռանդութիւնը:

Հայաստանն ու Արցախը կանգնած են Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի իրական վտանգի առաջ: Համայնքը կարիք ունի աջակցութեան, այլ ոչ թէ ատելութեան»,- «Թուիթըր»ի էջին գրած է Շիֆը:

Յիշեցնենք՝ Պեւըրլի Հիլզի շրջակայքին մէջ յայտնաբերուած է հակահայկական բովանդակութիւն պարունակող աւելի քան 10 թռուցիկ:

Ատելութեամբ լեցուած թռուցիկները Պեւըրլի Հիլզի մէջ յայտնուած են Արցախի շրջափակման դէմ իրականացուած ցոյցերէն ետք:

Սիւներու վրայ փակցուած թռուցիկներուն մէջ կը խրախուսուի «հայերը աշխարհի քարտէզէն ջնջելու» քաղաքականութիւնը։

«Ատրպէյճան, Թուրքիա, Փաքիստան, Իսրայէլ = 4 եղբայր, որոնք Հայաստանը պիտի ջնջեն քարտէզէն. Ինշալլահ!!!»,- գրուած է թռուցիկին մէջ: