Տոլարի փոխարժէքը 2023-ին միջին հաշւով պիտի կազմէ 438 դրամ։ Այս մասին 2023 թուականի «Մակրոտնտեսական կանխատեսումը» ներկայացնելու ատեն ըսած է Եւրասիական զարգացման դրամատան երկիրներու վերլուծութեան կեդրոնի ղեկավար Ալեքսէյ Քուզնեցովը։
«Տոլարի տարեկան միջին փոխարժէքը 2023 թուականին կը կանխատեսենք 438 դրամ։ Փոխարժէքի նման յարաշարժը աւելի շուտ շտկողական բնոյթ կը կրէ եւ կը կարգաւորուի», – ըսած է Քուզնեցովը։
Ինչպէս նշուած է զեկոյցով, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանման աճի առաջանցիկ ընթացքն արտահանման համեմատ, աշխարհաքաղաքական իրավիճակի հետ կապուած սպասուող արժեզրկումը, ինչպէս նաեւ տոլարի նկատմամբ ռուբլիի փոխարժէքի ակնկալուող թուլացումը յաջորդ տարի աստիճանաբար պիտի նպաստեն դրամի արժեզրկման։
Միեւնոյն ժամանակ ազգային արժոյթին կ'աջակցի դրամական փոխանցումներու, օտարերկրեայ դրամագլուխի ներհոսքը եւ զբօսաշրջային աշխոյժութեան պահպանուող բարձր մակարդակը։ Ի արդիւնք, դրամի գերարժեւորումը 2023-ին կը պահպանուի, սակայն աստիճանաբար կը կրճատուի։
Կը սպասուի, որ 2024 թուականի վերջը, ներկայի գնահատականներով, յարաբերակցութիւնը կազմէ 1 տոլարի դիմաց 465 դրամ։
Նշենք, որ 29 նոյեմբերի 29 առաւօտեան տուեալներով, ըստ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան 1 տոլարը կը կազմէ մօտ 396 դրամ։