image

Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւն

Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւն

11-20 Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ «Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը, յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Զօրավարժութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ զօրախումբի «Զառ» ուսումնական կեդրոնի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան N ուսումնական կեդրոնի մէջ, այն կը կայանայ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցութեան նախապատրաստման ծիրէն ներս։

«Զօրավարժութեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւնների մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւնների շրջանակում, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում: Խաղաղապահ առաքելութիւնների նախապատրաստութեան շրջանակում միջազգային խաղաղապահ գործողութիւնների համար նախապատրաստուող ստորաբաժանումները պարբերաբար մասնակցում են նմանօրինակ համատեղ զօրավարժութիւնների եւ վարժանքների գործընկեր երկրներում»,- ըսուած է հաղորդագրութեան  մէջ։