Հոկտեմբեր 13–էն 22–ը Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ մարդահամար՝ երրորդը անկախ Հայաստանի մէջ։ Այն սովորաբար կ'իրականացուի տասը տարին մէկ, սակայն «Քորոնա» ժահրի պատճառով, այս անգամ մարդահամարը պիտի կայանայ մէկ տարի ուշացումով:
Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ մարդահամարը պիտի կատարուի ընտրանքային հետազօտութեամբ: Սա կը նշանակէ, որ հաշուարարները պիտի այցելեն պետական (ռեգիստր) գրանցման տոմարներէն ընտրուած հասցէներու 25 տոկոսը, այսինքն՝ իւրաքանչիւր չորրորդ տուն, միւս տնային տնտեսութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւնը պիտի ստանան բնակչութեան պետական գրանցման տոմարներէն։
Վիճակագրական կոմիտէի մարդահամարի գործառնական վարչութեան պետ Վարդան Գէորգեան NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ վստահեցուցած է՝ տնային տնտեսութիւններու միայն մէկ քառորդին այցելելը տուեալներու ճշգրտութեան վրայ չազդեր. Հայաստանի համար 25 տոկոսը բաւական մեծ թիւ է եւ սխալ պատկեր հաղորդելու վտանգ չկայ։
Սա միակ փոփոխութիւնը չէ, այս անգամ մարդահամարը պիտի իրականացուի ելեկտրոնային տարբերակով. հաշուարարները հարցաթերթիկները պիտի լրացնեն ոչ թէ գրիչով, այլ պիտի մուտքագրեն պնակիտներու մէջ (Tablet):
Մարդահամարին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տուեալ պահուն բնակող այլ անձինք՝ անկախ անկէ, թէ որքան ժամանակ կը գտնուին Հայաստան։
Հարցերուն կրնայ պատասխանել ընտանիքի չափահաս անդամը, որ կրնայ ճշգրիտ ու սպառիչ պատասխաններ տալ։
Հարցաշարը բաղկացած է 55 հարցէ, որոնցմէ երեքին պատասխանելը պարտադիր չէ։ Խօսքը ազգութեան, մայրենի լեզուին եւ կրօնին վերաբերող հարցերու մասին է: Մարդահամարը պիտի աւարտի 22 հոկտեմբերին, սակայն նախնական տուեալները պիտի հրապարակուին յաջորդ տարուան առաջին եռամսեակին, վերջնական տուեալները՝ մինչեւ 2023 թուականի աւարտը։
Հաշուարարը պէտք է ունենայ մարդահամարի աշխատակցի վկայական ու անձը հաստատող փաստաթուղթ։
«Մինչեւ բուն հաշուառումը սկսելը, հաշուարարը նախնական շրջայց է կատարելու, ինքը բնակիչներին հարցնելու է, թէ երբ է նրանց յարմար, որ ինքն այցելի, իսկ եթէ տանը մարդ չլինի, հաշուարարը կը թողնի թերթիկ, որտեղ նշուած կը լինի հեռախօսահամար, որպէսզի կապ հաստատեն իր հետ եւ պայմանաւորուեն։ Եթէ հաշուարարը գնայ ինչ–որ մէկի տուն եւ տանը մարդ չլինի, նա հարեւաններից կարող է հարցուփորձ անել՝ բնակւում են այդ հասցէում, թէ ոչ, եթէ հարեւաններն ասեն, որ այդ տանը մարդ չի ապրում, հարցաթերթիկում կը գրուի՝ փակ դուռ։ Իսկ եթէ բնակիչը չի ուզում, որ հաշուարարն այցելի իր տուն, ապա հաշուարարը կը տայ տեղամասի հասցէն ու հեռախօսահամարը, որ բնակիչը գնայ այդ հասցէով ու պատասխանի ելեկտրոնային հարցաթերթիկի հարցերին»,– նշած է Վարդան Գէորգեան։
Մարդահամարի ընթացքին վիճակագրական նպատակներով հաւաքուած սկզբնական տուեալները գաղտնի են ու հրապարակման ենթակայ չեն։