image

Հայաստանի ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները այցելած են Կոռնիձոր

Հայաստանի ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները այցելած են Կոռնիձոր

Հայաստանի ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները այցելած են Կոռնիձորի սահմանային հատուած, ուր կը շարունակէ կանգնած մնալ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը՝ 21 բեռնատարով:

Հայաստանի ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հեռուէն ցոյց տրուած է Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար տեղադրուած անցակէտը, ապա ներկայացուած է ստեղծուած իրավիճակը:

Ճեպազրոյցի ժամանակ Կոռնիձորի սահմանային հատուածէն աշխատող «Լուրեր»-ու թղթակցի հարցին, թէ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը յայտարարութիւն տարածած է Լաչինի միջանցքը անյապաղ բանալու կոչով, ի՞նչ քայլեր կը նախատեսէ այս ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի պաշտօնակատար Նաննա Սքաուն պատասխանած է՝ կարդալով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի յայտարարութիւնը:

«Լուրեր»-ու թղթակիցն ընդգծած է՝ 15 յունիսէն որեւէ մարդասիրական բեռ, ներառեալ՝ դեղորայք, չէ մտած Լեռնային Ղարաբաղ: Արդեօք կա՞ն այլ գործուն քայլեր, որ հնարաւոր կը դարձնէ մարդասիրական բեռի՝ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելը:

«Ցաւօք սրտի, այս պահու դրութեամբ չեմ կրնար աւելին ըսել, քան այն յայտարարութիւնը, որ երէկ երեկոյեան թողարկուած է, եւ այսօր՝ 3 օգոստոսի առաւօտեան՝ ժամը հինգին հրապարակուած է:

Կ'ակնկալենք, որ այն յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած է, դրական արդիւնքներու կը յանգեցնէ»,-ըսած է ան:

Աւելի վաղ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութեան առնչութեամբ եւ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացմամբ, կոչ ըրած է հրատապ միջոցներ կիրառել՝ ապահովելու կարիքաւորներուն մարդասիրական օգնութեան մատակարարման հասանելիութիւնը: