image

Հայաստանի հետ ամէն քայլ Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած կը կատարենք. Չաւուշօղլու

Հայաստանի հետ ամէն քայլ Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած կը կատարենք. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը մօտ ապագային օրակարգի վրայ չէ, սակայն երկիրները կ'աշխատին սահմանային անցակէտերու բացման ուղղութեամբ։

«Ազատութեան» հաղորդմամբ, այս մասին A Haber հեռուստաալիքի եթերին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

«Մօտ ապագային [Հայաստանի դեսպանատան բացումը] կրնայ տեղի չունենալ, քանի որ նախ պէտք է այլ քայլեր ձեռնարկել, մենք բացեր ենք մեր օդային տարածքը Հայաստանի համար, բեռնափոխադրումներ կ'իրականացուին, փոխադարձ օդային հաղորդակցութիւն սկսած է։ Բայց ցամաքին անցակէտեր բանալու համար, քաղաքական պայմաններուն զուգահեռ, նախ պէտք է ճանապարհներ պատրաստել, վերականգնել կամուրջը։ Եւ մենք արդէն ունինք կամուրջի կառուցման պայմանաւորուածութիւններ»,-ըսած է ան:

Սակայն Չաւուշօղլուն մանրամասնած է, որ ցամաքային սահմանի բացումը կ'ենթադրուի իրականացնել «դիւանագիտական անձնագրերու սեփականատէրերու կամ երրորդ երկիրներու շարքային քաղաքացիներու համար»։

Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ իւրաքանչիւր քայլ, որ կը ձեռնարկուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, կը կատարուի Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցութիւններէն ետք։