image

Հայաստանի հանրապետութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի. Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարար

Հայաստանի հանրապետութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի. Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարար

Հաշուի առնելով Հայաստանի աշխարհագրական առաւելութիւնը՝ երկիրը չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի Ղազախստանի համար՝ միջմայրցամաքային ծրագրերու առումով: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Մուրաթ Նուրթլէուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս իր հայ գործընկերոջ հետ համատեղ ասուլիսին:

«Յարգելի Արարատ Միրզոյեանը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն բանի վրայ, որ Հայաստանն ունի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը: Ես կը կարծեմ, որ սա փոխլրացնող հնարաւորութիւն է մեր երկիրներու համար: Մենք նպատակ ունինք համագործակցիլ մեր գործընկերներու հետ, որ «Միջին միջանցքը» վերջապէս իրացնէ իր ներուժն ամբողջութեամբ: Հաշուի առնելով Հայաստանի աշխարհագրական առաւելութիւնը՝ երկիրը չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի Ղազախստանի համար՝ միջմայրցամաքային ծրագրերու մէջ»,-ըսած է Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարարը:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը եւ Ղազախստանը պիտի շարունակեն աշխուժօրէն զարգացնել երկկողմ համագործակցութիւնը ինչպէս արտաքին քաղաքական, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառներու մէջ։

«Այդ մասին կը վկայէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ համագործակցութիւնը եւ կառուցողական երկխօսութիւնը։ Վերջին շրջանին միջկառավարական յանձնաժողովներու, խորհրդարանական բարեկամական խումբերու միջեւ համակցուած աշխատանքը իր արդիւնքը կու տայ։ Շարունակելով զարգացնել մեր առեւտրատնտեսական ծրագրերը՝ այս պահի դրութեամբ կը քննարկենք հայ-ղազախական ձեռնարկատիրական խորհուրդի ստեղծումը»,- ընդգծած է Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարարը։