Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 14-ին Մոսկուայի մէջ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջով գրած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարզրութեան մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեանը:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 14-ին Յունանեան տեղեկացուցած էր, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչներ են նշանակելու: Դեկտեմբեր 15-ին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի հետ երկխօսութեան համար թրքական կողմէ յատուկ բանագնաց նշանակուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը: Իսկ Դեկտեմբեր 18-ին ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը: