Հայկական ստորաբաժանումները ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ չեն կրակած։ Ատրպէյճանի տարածած հաղորդագրութիւնը հերքած են ՀՀ–ի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնները։
«Ադրբեջանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները յունիսի 16-ին՝ ժամը 00:15-00:20-ը ընկած ժամանակահատուածում, կրակ են բացել սահմանագօտու արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը»,– ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ ապատեղակատւութիւն որակած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները յունիս 16-ին` ժամը 00։50-էն 04:10-ն ինկած ժամանակահատուածին, կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի շրջանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։