image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի 16 դպրոցի մէջ ներդրուած է «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացք. ԿԳՄՍ նախարար

Հայաստանի 16 դպրոցի մէջ ներդրուած է «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացք. ԿԳՄՍ նախարար

Հայաստանի մէջ նախորդ տարի մասնաւորի հետ համագործակցութեամբ 16 դպրոցի մէջ ներդրուած է «Արհեստական բանականութիւն» դասընթաց: Այս մասին Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին «ՀՀ 2023 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետւութեան քննարկման ժամանակ ըսած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:

Ան կարեւորած է վարկագրային համակարգի ներդրումն աւագ դասարաններու մէջ, որու շրջածիրէն ներս դպրոցներու վարկերը կը ճանչցուին համալսարաններու կողմէն:

«Այս շրջանակում նաեւ մասնաւորի հետ համագործակցութեամբ 16 դպրոցներում «Արհեստական բանականութիւն» դասընթաց ենք ներդրել: Այս իմաստով մեր երկիրն աշխարհում առաջին երկրներից մէկն է, որ արդէն դպրոցական մակարդակում նման ծրագիր ունի»,-ըսած է նախարարը: