Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը ՀՀ վարչապետի յանձնարարականով կազմակերպած է դէպի երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն աւելի քան 30 թոն օգնութեան տեղափոխութիւն։
Մարդասիրական բեռը ներառած է սնունդ, դեղորայք եւ բժշկական սարքաւորումներ: Այն Սուրիա ուղարկուած է Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանէն:
Գործընթացին հետեւած են ԱԻ նախարար Արմէն Փամբուխչեանը եւ կառոյցի ղեկավար կազմը:
Բեռի տեղափոխումը Երեւանէն Հալէպ իրականացուած է «ԻԼ-76» մակնիշի օդանաւով: Կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը: