Օրերս Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանի այցելութիւն տուած է Լիբանան Պէյրութ։ Պատուիրակութիւնը զանազան հանդիպումներու եւ ծառայութիւններու կողքին, Լիբանան այցելած է ներկայ գտնուելու Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի (NEST) աւարտական միջոցառումին։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ ՀԱԵ-ի կայքէջէն, ուր տրուած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը, տիկնոջ՝ Մոնիքա Հովէփեանի հետ, եւ ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի փոխնախագահ, ՔԴ տնօրէն, վեր. Աւետիք Խաչատրեանը, 23-էն 30 Մայիսի Պէյրութ էին: Այցի ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ ու ծառայութիւններ: Գլխաւոր իրադարձութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի (NEST) աւարտական միջոցառումն էր, որ տեղի ունեցաւ 25 Մայիսին: Համալսարանի 91-րդ շրջանաւարտներու մէջ էր նաեւ ՀԱԵ ծառայող Արկադի Հանիսեանը: ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի արտօնութեամբ՝ հովուական ծառայութեան համար անհրաժեշտ կրթութիւն ստանալու համար, ան 3 տարի, յաջողութեամբ ուսանեցաւ Պէյրութի մէջ, աւարտելով NEST-ը՝ ստացաւ Հովուաբանութեան մագիստրոսի կոչում: Աւարտող ուսանողներէն մէկն ալ՝ Ալին Թահազեանը, որ կը ներկայացնէր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը, ստացաւ Քրիստոնեական Դաստիարակութեան մագիստրոսի կոչում: Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիէն եւս երկու ուսանող՝ Արտակ Գալոյեանն ու Շուշան Ենկիպարեանը տակաւին կը շարունակեն կրթութիւնը NEST-ի մէջ:
NEST-ի այս տարուայ աւարտական միջոցառման եւ վկայականներու յանձնման արարողութեան բանախօսը, նոյն համալսարանի 2012 թ.-ի շրջանաւարտ, ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւ, վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանն էր: Ան իր պատգամին մէջ շրջանաւարտներուն յիշեցուց, որ այսուհետեւ եւս նեղութիւններ պիտի կրեն, ինչպէս կաւը բրուտի ձեռքերուն մէջ, բայց այս կը նշանակէ, որ Աստուած պիտի շարունակէ զիրենք ձեւաւորել Իր կամքին համաձայն: NEST-ի նախագահ, դոկտոր Ճորճ Սապրան շրջանաւարտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նշեց, որ այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք կրեցին իրենց ուսման ընթացքին, «անապատի փորձութեան» այն շրջանն էր, որ հետագային պիտի օգնէ միւսներուն, իրենց «անապատներէն» դէպի Քրիստոսի լոյսը առաջնորդելու: Հարկ է նշել, որ NEST-ի հետ ՀԱԵ համագործակցութեան շրջանակը համալսարանի պատերէն անդին է: 2023 թ.-էն մեկնարկած է քրիստոնեական դաստիարակութեան երկամեայ դասընթացք, ՀԱԵ աւելի քան 30 պատասխանատուի ու ծառայողի համար։ Դասընթացքը տեղի կ՚ունենայ փուլային, NEST-ի՝ Հայաստան ժամանած դասախօսներու մասնակցութեամբ: ՀԱԵ աւագ հովիւի ու ՔԴ տնօրէնի, NEST-ի նախագահի հետ հանդիպման օրակարգային նիւթը, այս դասընթացքի աւարտական փուլին ու հետագայ համագործակցութեան մասին էր: Պէյրութ այցի ընթացքին, հովիւները առիթը ունեցան ծառայելու տեղական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ պաշտամունքներուն: Վեր. Աւետիք Խաչատրեանը քարոզեց Աշրաֆիէի եկեղեցւոյ մէջ, վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը՝ Մարաշի եկեղեցւոյ մէջ: Նոյն եկեղեցւոյ տիկնանց ծառայութեան խօսքի առիթ տրուեցաւ Մոնիքա Յովսէփեանին: Աւարտական միջոցառման յաջորդ օրը՝ 26 Մայիսին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) հովիւներն ու կեդրոնական մարմնի ներկայացուցիչները իրենց ընտանիքներով՝ ներառեալ Հալէպէն, NEST-ի շրջանաւարտներն ու ներկայիս ուսանողները, ինչպէս նաեւ այդ օրերուն Պէյրութ գտնուող ՀԱԵ ներկայացուցիչները միասին հաւաքուեցան ՄԱՀԱԵՄ-ի ճամբար՝ ՔՋԱԿ-ի մէջ, որպէսզի հաղորդակցուին, տօնեն ու փառք տան Աստուծոյ այն «հունձք»ին համար, որ Քրիստոսի անունով ծառայութեան նոր դաշտ պիտի ստաձնէ:
Պէյրութ այցելութեան վերջին օրը, վեր. Յովսէփեան հանդիպեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ՝ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի հետ ու անոր հետ քննարկեց՝ միութենական համագործակցութեան եւ հետագայ ընելիքներու մասին։