image

Հայաստանցիներու 42,8 %-ի կարծիքով՝ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խզումը Հայաստանի շահերէն չի բխիր

Հայաստանցիներու 42,8 %-ի կարծիքով՝ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խզումը Հայաստանի շահերէն չի բխիր

Հայաստանի մէջ բնակչութեան 42,8 %-ի կարծիքով՝ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խզումը Հայաստանի շահերէն չի բխիր։

Այս մասին 4 մարտին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ներկայացուցած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ «Էմ Փի ՋԻ» ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը՝ ներկայացնելով փետրուար 26-28-ն ինկած ժամանակահատուածին 1100 մարդու հետ եղած հեռախօսային հարցման տուեալները։

Քաղաքացիներուն հարց ուղղուած է Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ Հայաստանի անդամակցութիւնը սառեցնելու վերաբերեալ յայտարարութեան մասին, որ աւելի շատ կը մօտեցնէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրի խզման։

Հարցին՝ արդեօք հայ-ռուսական յարաբերութիւններու խզումը կը համապատասխանէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ռազմավարական շահերուն, հարցուածներու 23,2 %-ը պատասխանած է՝, որ լիովին կը համապատասխանէ, 13,9 %-ի կարծիքով՝ աւելի շատ կը համապատասխանէ, 16,1 %-ի կարծիքով՝ աւելի շատ չի համապատասխաներ, իսկ 42,8 %-ի կարծիքով՝ ընդհանրապէս չի համապատասխաներ։

Հարցուած քաղաքացիներու 4,8 %-ը դժուարացած է պատասխանել։

«Եթէ  տեսնում էք, շուրջ 58 %-ը նշել է, որ դա չի համապատասխանում հայերի շահերին»,-նշած է Նաւասարդեանը։