image

Հայաստան ժամանած է ԱՄՆ բանակի երկու զօրավար

Հայաստան ժամանած է ԱՄՆ բանակի երկու զօրավար

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երեւանի մէջ կ'ողջունէ 10-րդ լեռնային ստորաբաժանման հրամանատար զօրավար-մայոր Կրեկորի Անտըրսընը եւ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու Եւրոպայի եւ Ափրիկէի շտաբի պետի դաշտային գծով տեղակալ զօրավար Փաթրիք Էլիսը։ Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:

 Զօրավար-մայոր Կրեկորի Անտըրսընը եւ զօրավար Փաթրիք Էլիսը դեսպան Քուինի հետ միասին «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ դիտարկած են «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութեան ընթացքը։

«Արծիւ գործընկերը» խաղաղապահներու համար նախատեսուած զօրավարժութիւն է, որ կ'ընթանայ Հայաստանի մէջ 2023 թուականի սեպտեմբեր 11-էն 20-ը։ Վարժանքին կը մասնակցին մօտ 85 ամերիկացի եւ 175 հայ զինծառայողներ։

««Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութիւնը Հայաստանի հետ մեր երկարամեայ փոխգործակցութեան վկայութիւնն է, որու հիմքը անվտանգային եւ խաղաղապահ ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնն է, որ առաւելապէս դրսեւորուած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան բաժնի (նախարարութեան) Նահանգային գործընկերութեան  ծրագրի շրջածիրէն ներս Քանզասի ազգային զօրագունդի հետ Հայաստանի ձեւաւորած ամուր յարաբերութիւններու միջոցով», — նշած է դեսպան Քուինը։

«Հայաստանի հետ մենք բազմակողմ համագործակցային կապեր ունինք։ Միացեալ Նահանգները հետեւողական աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի զինուած ուժերուն, յատկապէս կարողութիւններու զարգացման ասպարէզին մէջ այնպիսի կարեւորագոյն ուղղութիւններու մէջ, ինչպիսիք են զանգուածային բնաջնջման զէնքերու չտարածումն ու խաղաղապահ գործունէութիւնը»,-ըսած է զօրավար-մայոր Անտըրսընը։

Զօրավարժութիւնը նաեւ նպատակ ունի բարձրացնել Հայաստանի 12-րդ խաղաղապահ զօրախումբի պատրաստուածութիւնը այս տարի աւելի ուշ նախատեսուող ՆԱԹՕ/ ԳհԽ «Դաշտային կարողութիւններու հայեցակարգի» ծրագրային գնահատման համար։