image

Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը ՀԱՊԿ-ի ծիրէն դուրս է. Ռուսազգի գործիչ

Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը ՀԱՊԿ-ի ծիրէն դուրս է. Ռուսազգի գործիչ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան իրաւասութեան չի վերաբերիր: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, «Аргументы и факты» թերթին տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսած է դիւանագէտ, Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի փոխնախագահ Կոնսթանթին Քոսաչեւը՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ կրնան արդեօք ՀԱՊԿ-ն ու Ռուսիան, որպէս կառոյցի ամենահզօր անդամ, Հայաստանին աւելի եռանդուն աջակցութիւն ցուցաբերել՝ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան ծիրէն ներս, առաջին հերթին՝ ռազմական, թէ՞ «Ռուսիա հիմա Հայաստանի ժամանակը չունի»:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը, իմ կարծիքով, կազմակերպութեան իրաւասութեան չի վերաբերիր։ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրը ինքնուրոյն կ'որոշէ իր վերաբերմունքը ատոր վերաբերեալ։ Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ապա յայտնի է, որ մենք ամենաանկեղծ ձեւով կ'աջակցինք կարգաւորման։ Ընդ որում, մեր ջանքերը հաւասարապէս պահանջուած են եւ այս, եւ միւս կողմէ։ Այլ կերպ չէր ալ կրնար ըլլալ, իրավիճակը կրնայ զարգանալ միայն այդ ճանապարհով»,- ըսած է Քոսաչեւ:

Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի փոխնախագահի խօսքով՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մէջ միայն մէկ կողմի աջակցութեան դիրք զբաղցնելը կը նշանակէ այն աւելի խորացնել:

«Պէտք է խաղաղ կարգաւորման դիրքորոշում որդեգրել եւ աջակցիլ, որպէսզի այդ կարգաւորման պայմաններն ընդունելի ըլլան բոլոր կողմերու համար»,- նշած է Քոսաչեւ: