Լեհաստանի Փօզնան քաղաքի Ադամ Միցքեւիչի անուան համալսարանի մէջ հիմնադրուած է «Մխիթար Գօշ» հայագիտական կեդրոնը, որուն առաջին «Արմենիցքա» ծրագրին մասնակցելու համար 32 ուսանող դիմում կատարած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան Փօզնան քաղաքի Ադամ Միցքեւիչի անուան համալսարանի մէջ մասնակցեցաւ «Մխիթար Գօշ» հայագիտական կեդրոնի հիմնադրութեան պաշտօնական արարողութեան։ Դեսպանը ուրախութեամբ ողջունեց այն հանգամանքը որ 32 ուսանող դիմում կատարած է կեդրոնի առաջին «Արմենիցքա» ծրագրին մասնակցելու համար։ Ան կարեւոր նկատեց հայագիտական կեդրոնի գործունէութիւնը՝ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի ոլորտի մէջ ակադեմական գիտելիքները զարգացնելու տեսակէտէ։
Դիտել տանք որ կեդրոնը կը ղեկավարուի յատուկ մարմնի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն դեսպան Արզումանեան, Փօզնանի համալսարանի փոխտեսուչը, կառավարութեան ազգային փոքրամասնութիւններու յանձնաժողովի մէջ հայերու ներկայացուցիչ Հրաչեայ Պօյաճեան ու կեդրոնի տնօրէնը։