image

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ Անթիլիաս այցելեց

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ Անթիլիաս այցելեց

Օրերս Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարք Ամեն. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկոիոյ Կաթողիկոսարան եւ ընդունուած  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս կը տեղեկագրէ`

Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հայրեր:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը, Հայաստանը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն: