Մեր եկեղեցականները Դադիվանքի մէջ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը շնորհիւ ռուս խաղաղապահներու երախտարժան առաքելութեան, որով կ'ապահովուի վանքի անվտանգութիւնը։ Այս մասին NEWS.am-ի հարցման ի պատասխան յայտնած են Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
«Ինչ վերաբերում է Դադիվանքի աղուանական լինելու կեղծ պնդումներին, ապա պատմական անհերքելի փաստ է, որ վանքն ի սկզբանէ եղել է հայկական եւ որեւէ առնչութիւն չի ունեցել Աղուանից եկեղեցու հետ, առաւել եւս այսօրուայ նորայայտ աղուանա-ուտիական կրօնական համայնքի հետ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը հայ հոգեւորականները Դադիվանքէն վտարելու պահանջ ներկայացուցած է:
Ատրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու հարցերու պետական կոմիտէի նախագահ Մուպարիզ Կուրպանլի յայտնած էր, որ «հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան» Դադիվանքէն:
Ըստ անոր` «հայերը ոչ մէկ կապ ունին այդ վանական համալիրին հետ»:
«Անիկա կը պատկանի կովկասցի ալպանացիներուն, եւ վաղ թէ ուշ անոր կառավարումը պիտի իրականացուի ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքին կողմէ», յայտնած է Կուրպանլի:
Ատրպէյճանցիները Քելբաջարի շրջանին մէջ գտնուող հայկական հինաւուրց Դադիվանքը «Խուդաւենգ» կ՛անուանեն: 44օրեայ պատերազմէն ետք անիկա կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ: