Մեծ Բրիտանիան յոյս ունի, որ կը յաջողի պահպանել շարժունութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրի ճանապարհին»:
Այս մասին թուիթըրեան իր միքրոպլոկին գրած է Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքըրթի` նշելով, որ առաւօտեան զրուցած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի հետ: