image

«Հայ- ատրպէյճանական հակամարտութիւնը օգտագործող կայ...» ՀԱՊԿ-ի Ռուս պաշտօնատար

«Հայ- ատրպէյճանական հակամարտութիւնը օգտագործող կայ...» ՀԱՊԿ-ի Ռուս պաշտօնատար

ՀԱՊԿ-ը հայ-ատրպէյճանական սահմանին բախումներու մեծ ներուժ կը տեսնէ, իրավիճակը կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է խաղաղութեան պայմանագիր։ Այս մասին, «ԹԱՍՍ»-ի հաղորդմամբ, ճեպազրոյցին յայտարարած է ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անտրէյ Սերտիւքովը։

«Կ՚րձանագրուին առանձին պետութիւններու փորձեր՝ ամրապնդելու սեփական դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ, հասանելիութիւն ստանալու դէպի Կասպից ծովու միջոցները եւ ապահովելու  իրենց անմիջական մուտքը Կեդրոնական Ասիա», -ըսած է Սերտիւքովը։

«Այդ նպատակով, ի թիւս այլ բաներու, աշխուժօրէն կ՚օգտագործուի հայ-ատրպէյճանական սահմանի բարձր բախումային ներուժը։ Իրավիճակի հետագայ կարգաւորման համար կարեւոր է խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը», -աւելցուցած է ան։

Սերտիւքովի խօսքով՝ Արեւմուտքը կը ձգտի ազդել Պաքուի եւ Երեւանի յետբախումային կարգաւորման վրայ՝ հակառակ Հայաստանի անդամակցութեան ՀԱՊԿ-ին։

«Հակառակ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան, դուրսէն փորձերը կը շարունակեն ազդել յետբախումային կարգաւորման ձեւաչափի վրայ»,- նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ փետրուար 13-ին՝ ժամը 05:30-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով, կայ 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր։