image

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ «Սրբոց Քառասուն Մանկունք»ը

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ «Սրբոց Քառասուն Մանկունք»ը

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Քառասուն սուրբ մանկանց յիշատակութեան օրը, գրած է Qahana.am-ը:

4-րդ դարու սկիզբը նահատակուած 40 վկաները Փոքր Հայքի տարբեր քաղաքներէն էին եւ զինուորական ծառայութեան մէջ էին Սեբաստիա քաղաքի կայսերական գունդին մէջ: Երբ Լիքիանոս կայսեր հրամանով Կեսարիոյ դուքս Լիւսիասը կը հարցաքննէ զինուորները`բանակին մէջ քրիստոնեաներ յայտնաբերելու նպատակով, անոնցմէ 40-ը, հաւատարիմ իրենց հաւատին, անվեհեր պատասխաններով դատաւորներու զայրոյթը կ՚առաջացնեն եւ կը բանտարկուին:

Ձմեռնային ցուրտ գիշեր մը անոնց կը նետեն Սեբաստիա քաղաքի մօտ գտնուող լիճը: 40-էն միայն մէկը չի կրնար դիմանալ տանջանքներուն: Դուրս ելլելով սառցակալած ջուրէն, ան կը փորձէ փրկութիւն գտնել լճափին կառուցուած տան մէջ, սակայն կնքելով  մահկանացուն, կը զրկուի  թէ´ երկրային, թէ´ երկնային կեանքէն: Լուսադէմին միւս բոլոր նահատակները կ՚երեւան լուսէ պսակներով զարդարուած: Պահապան զինուորներէն մէկը, տեսնելով այդ, կը լեցուի հաւատով եւ նետուելով լիճը, պսակակից կը դառնայ անոնց: Աստուածային հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքին դիմակայած վկաներն առաւօտեան կը նահատակուին:

Անոնց նշխարները կ՚ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ, ուր եւ հետագային կը կառուցուի «Քառասուն մանկունք» 40-գմբեթանի տաճարը, որ կանգուն եղած է մինչեւ Լենկթեմուրի արշաւանքը:

40 մանկանց պատմութիւնը կը յորդորէ կեանքի բոլոր դժուարութիւններու մէջ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին, յաղթահարել դիւրահաճ գայթակղութիւնները` երկնային պսակին արժանանալու համար: