ԱՄՆ փոխնախագահ Քամալա Հարիսն առցանց ընտրութեան անհրաժեշտ թիւով ձայներ ստացած է Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու առաջադրուելու համար՝ գրած է CNN-ը։
Դեմոկրատ պատուիրակներու քուէարկութիւնը մեկնարկած է օգոստոս 1-ին եւ պիտի աւարտի օգոստոս 5-ին։ Հարիսն արդէն 2300-էն աւելի ձայն ստացած է:
ԱՄՆ նախկին նախագահ, նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուցած է, որ համաձայն է սեպտեմբեր 4-ին FoxNews-ի եթերով բանավէճ ունենալու Քամալա Հարիսի հետ: Ան նշած է, որ այն կրնայ կազմակերպուիլ աւելի վաղ տեղի ունեցած Պայտըն-Թրամփ բանավէճի տրամաբանութեամբ, սակայն նախկին նախագահը ցանկութիւն յայտնած է, որ այս անգամ տաղաւարին մէջ հանդիսատես ըլլայ:
Քամալա Հարիսի խումբը դեռ չէ արձագանգած Թրամփի յայտարարութեան։