Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Անգարան չէ մասնակցած Սուրիոյ մէջ զինուած ընդդիմութեան գործողութեան, որ յանգեցուցած է Պաշշար Ասատի վարչակազմի տապալման:
«Թուրքիան նման գործընթացի մաս չէ կազմած»,-ըսած է նախարարը, գրած է Ekonomil թերթը:
Բացի այդ, Ֆիտան յայտարարած է, որ Ասատը հրաժարած է թրքական կողմի հետ հանդիպումէն՝ հակառակ Անգարայի բազմաթիւ փորձերուն եւ երրորդ երկիրներու միջնորդութեան։