Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարութիւնն անհանգստութիւն յայտնած է Ղարաբաղի մէջ զինուած բախումներու առիթով, որոնք յանգեցուցած են մարդկային զոհերու։ Այս մասին նշուած է ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի՝ Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրման վերաբերեալ յայտարարութեան մէջ:
«Խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնեմ զոհուած զինծառայողներու հարազատներուն եւ մերձաւորներուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Քարտուղարութիւնը հակամարտութեան կողմերուն կոչ ըրած է ձեռնպահ մնալու ուժի կիրառումէ եւ գոյութիւն ունեցող տարաձայնութիւններու յաղթահարման համար օգտագործել բացառապէս դիւանագիտական մեթոտներ։