Պաղեստինեան «Համաս» շարժման պաշտօնական խօսնակ Հազեմ Քասեմ յայտարարած է, որ Կազայի հատուածի հրադադարի հաստատման համաձայնագիրի երկրորդ փուլի շուրջ բանակցութիւններու ձախողման պատասխանատուն Իսրայէլն է:
Այս մասին ան յայտարարած է Al-Araby հեռատեսիլային ալիքին տուած հարցազրոյցին։
Խօսնակը նաեւ ընդգծած է, որ Իսրայէլ կը ցանկայ վերադարձնել իր գերիները՝ պահպանելով Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւնը վերսկսելու հնարաւորութիւնը: Ան պնդած է, որ իսրայէլացիները կը խուսափին պատերազմը դադրեցնելէ եւ իրենց զօրքերը Կազայէն ամբողջութեամբ դուրս հանելու պարտաւորութիւնները կատարելէ:
Ըստ Քասեմին՝ պաղեստինեան կողմի համար անընդունելի է հրադադարի առաջին փուլի երկարաձգումը Իսրայէլի առաջարկած տարբերակով: Ան կը գտնէ, որ Իսրայէլ, խառնելով խաղաքարտերը, կը փորձէ իրավիճակը վերադարձնել սկզբնակէտին:
«Համաս»-ի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնագիրի առաջին փուլը պաշտօնապէս կ'աւարտի, մինչդեռ կողմերը դեռ չեն համաձայնեցուցած համաձայնագիրի երկրորդ փուլի վերջնական պայմանները: