image

«Համաս»-ը, անվտանգութեան նկատառումներով չի բացայայտեր նոր առաջնորդի անունը

«Համաս»-ը, անվտանգութեան նկատառումներով չի բացայայտեր նոր առաջնորդի  անունը

Պաղեստինեան արմատական «Համաս» խմբաւորումը մտադիր չէ հրապարակել իր նոր առաջնորդի անունը։ Այս մասին յայտնած է BBC-ն՝ յղում ընելով խմբաւորման ներկայացուցչին։

«Համաս»-ը, անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, ամենայն հաւանականութեամբ հրապարակայնօրէն չի բացայայտեր իր նոր առաջնորդի ինքնութիւնը, ըսած է ան: Իսկ մինչ ղեկավարի ընտրութիւնը շարժումը պիտի գլխաւորէ հինգ հոգիէ բաղկացած յանձնաժողովը։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլը վերջին կէս տարուան մէջ սպանած է «Համաս»-ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն, ապա՝ անոր յաջորդած Եահիա Սինուարը:

Սինուարի ենթադրեալ իրաւայաջորդներու շարքին են Մուհամետ Տերուիշան, Խալիլ ալ Հայան, Մուհամետ Նազալը եւ Խալետ Մեշաալը:

Նշենք, որ Արեւմուտքը Սինուարի սպանութենէն ետք յայտարարած է, որ այժմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հրադադարի համար «նոր հեռանկար» կը բացուի: