«Համաս»ի մասնագիտացուած խումբերը փորձած են ստիպել իսրայէլացի զինուորներուն՝ իրենց բջջային սարքերուն վրայ ներբեռնել խաղային յաւելուած` զայն կառավարելու եւ տեղեկատուութիւնը պատճէնելու համար:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով զինուորական ուժերը, կը նշեն, որ վերջին շրջանին ձախողցուցած են «Համաս» շարժման կողմէ իսրայէլացի զինուորներու հեռախօսներ ներթափանցելու տասնեակ փորձեր:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու` յայտնաբերման գործընթացը իրականացուած է Ռազմական հետախուզութեան եւ Շին Պեթի համացնցային ստորաբաժանման միջեւ:
Իսկ իսրայէլեան ուժերը կը պնդեն, որ «Համաս»ի մասնագիտացուած խումբերը փորձած են ստիպել իսրայէլացի զինուորներուն՝ իրենց բջջային սարքերուն վրայ ներբեռնել խաղային յաւելուած` զայն կառավարելու եւ տեղեկատուութիւնը պատճէնելու համար:
Իսրայէլական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ հետախուզութիւնը «խափանած է մերձեցման տասնեակ փորձեր, որոնց ընթացքին «Համաս»-ը փորձած է տեղեկութիւններ ստանալ այդ զինուորներէն»:
Իսրայէլեան ուժերը յայտարարութիւն տարածած են` մէջբերելով Տեղեկատուական անվտանգութեան գործակալութեան պաշտօնեայի մը, որ մասնակցած է այդ փորձերը խափանելու գործընթացին, ըսելով, որ ««Համաս»ը մշակած է խաղային յաւելուած, որ անմեղ կը թուի: Գործնականին մէջ այդ կեղծ հաշիւներուն միջոցով փորձած են զինուորները համոզել, որ զայն ներբեռնեն իրենց հեռախօսներուն մէջ»: