Աւելի վաղ ֆրանսական «Մետիա փարթ» կայքը գրած էր, որ Սինուարը «Աքսայի հեղեղ» գործողութենէն ետք դարձած է «Իսրայէլի կառավարութեան մղձաւանջը»։ Կայքը նշած է, որ «Սինուարն էր այդ գործողութեան կազմակերպիչը, որուն Իսրայէլի անվտանգութեան եւ հետախուզական ծառայութիւնները չկարողացան յայտնաբերել՝ հակառակ որ անոնք կը գործեն բարձր ճշգրտութեան արհեստագիտութեան հիման վրայ»։
Ամերիկեան NBC լրատուական ցանցը գրելով Կազայի հատուածին մէջ ՀԱՄԱՍ շարժման ղեկավար Եահիա Ալ-Սինուարի մասին, որուն կը բնութագրէ որպէս «7 հոկտեմբեր 2023-ի անակնկալ յարձակման ճարտարապետ», կ՚ըսէ, որ ան միշտ մէկ քայլ առաջ է իսրայէլեան բանակէն եւ անոր հետախուզական մարմիններէն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ իսրայէլեան հետախուզութիւնը 4 ամիսէ ի վեր չէ կրցած հասնիլ Ալ-Սինուարին, որովհետեւ «ան անընդհատ կը փոխէ իր գտնուելու վայրը»։ Կայքը կ՚ենթադրէ, որ «Ալ-Սինուար հաւանաբար Խան Եունիսի փապուղիներէն կը տեղափոխուի այլ վայրեր»։
Կը նշուի, որ խիտ բնակչութեամբ յայտնի Խան Եունիս քաղաքը Սինուարի ծննդավայրն է, ուր ՀԱՄԱՍ շարժումը ժողովրդականութիւն եւ աջակիցներու մեծ բանակ ունի։
Ըստ NBC-ի հաղորդած տեղեկատւութեան, ՀԱՄԱՍ շարժումը «մեծ ջանքեր գործադրած է որ Ալ-Սինուար կարենայ կապ պահպանել Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա գտնուող իր քաղաքական առաջնորդներու հետ», պարզելով, որ այդ մէկը յաջողած են ընել «առանց իսրայէլեան հետախուզութեան կողմէ բացայայտուելու», նաեւ հրադադարի ժամանակ, որ գործի դրուեցաւ անցեալ տարուան նոյեմբերին, եւ որու ընթացքին գերիներու փոխանակում կատարուեցաւ, մօտ 100 իսրայէլցի գերիներ ազատ արձակուեցան։
NBC-ին յղում ընելով ՀԱՄԱՍ շարժման քաղաքական պաշտօնեային, առանց անոր անունը նշելու, մէջբերած է անոր յայտարարութիւնը, որ կ՚ըսէ, թէ «ՀԱՄԱՍ շարժումը կը փորձէ պաշտպանել Սինուարը եւ ՀԱՄԱՍ-ի միւս առաջնորդները»՝ աւելցնելով, որ «այդ դիմադրութեան իւրաքանչիւր ղեկավարութեան իրաւունքն է, եւ որ այդպէս կը վարուին նաեւ բոլոր երկիրներուն մէջ»:
Աւելի վաղ ֆրանսական «Մետիա փարթ» կայքը գրած էր, որ Սինուարը «Աքսայի հեղեղ» գործողութենէն ետք դարձած է «Իսրայէլի կառավարութեան մղձաւանջը»։ Կայքը նշած է, որ «Սինուարն էր այդ գործողութեան կազմակերպիչը, որուն Իսրայէլի անվտանգութեան եւ հետախուզական ծառայութիւնները չկարողացան յայտնաբերել՝ հակառակ որ անոնք կը գործեն բարձր ճշգրտութեան արհեստագիտութեան հիման վրայ»։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի