image

«Համաս» ազատ պիտի արձակէ իր մօտ եղած պատանդները միայն Իսրայէլի հետ համաձայնութեան պահպանման պարագային

«Համաս» ազատ պիտի արձակէ իր մօտ եղած պատանդները միայն Իսրայէլի հետ համաձայնութեան պահպանման պարագային

Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարած է, որ պիտի ազատէ մնացած պատանդները միայն այն պարագային, եթէ պահպանուի Իսրայէլի հետ հրադադարի համաձայնագիրը: Այս մասին գրած է Reuters-ը՝ յղում ընելով շարժման յայտարարութեան։

Գործակալութեան տուեալներով՝ շարժումը աւելցուցած է, որ պատրաստ է բանակցութիւններ սկսելու համաձայնագրի երկրորդ փուլի շուրջ։

Աւելի վաղ Al Jazeera-ն յայտնած էր, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը Կազայի հատուածին մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին յանձնած է չորս պատանդներու մարմինները։

Յունուար 19-էն Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն Կազայի հատուածին մէջ հրադադար կը գործէ։ Համաձայնագիրը կ՚ենթադրէ իսրայէլցի պատանդներու ազատ արձակում՝ իսրայէլեան բանտերու մէջ գտնուող պաղեստինցի բանտարկեալներու դիմաց։