image
Հրատապ լուրեր:

Համաներում նախկին փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանին

Համաներում  նախկին  փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանին

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ դատաւոր Յարութիւն Մանուկեանը հրապարակած է ոստիկանութեան զօրքերու նախկին հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի գործով դատավճիռը:

Դատարանը որոշած է Լեւոն Երանոսեանին առաջադրուած մեղադրանքներէն մէկու մասով քրէական դատավարութիւնը դադրեցնել՝ վաղեմութեան ժամկէտի հիմքով, միւս առաջադրուած մեղադրանքով մեղաւոր ճանչնալ՝ սահմամելով 4 տարուան ազատազրկում, սակայն համաներմամբ ազատ արձակել պատիժի կրումէն:

Նախկին փոխոստիկանապետը համաներուած է Էրեբունի Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի եւ ՀՀ առաջին անկախութեան հռչակման 100-ամեակի առիթով։

Յիշեցնենք, որ 2018 թուականի «յեղափոխութեան» օրերուն Բաղրամեան պողոտայի վրայ լուսաձայնային նռնակ կիրառելու առիթով յարուցուած քրէական գործով ան մեղադրեալի աթոռին էր: Օրեր առաջ Երանոսեանն իր վերջին խօսքն ըսած էր դատարանին մէջ։ Մեղադրող դատախազը պահանջած է 11 տարուան ազատազրկում։

Ոստիկանութեան զօրքերու նախկին հրամանատար Լեւոն Երանոսեանի փաստաբան Տիգրան Սաֆարեանը, վկայակոչելով Երանոսեանի ցուցմունքը, հաղորդած էր՝ յեղափոխութեան օրերուն Երեւանի թէ՛ Բաղրամեան պողոտայի, թէ՛ Արցախի փողոցին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնն այնպիսին էր, որ կային յատուկ միջոցներ կիրառելու պայմաններ, հիմքեր, եւ այդ միջոցները կիրառուած են։ Աւելցնենք, որ նոյնպիսի միջոցներ կիրառուած են ներկայ իշխանութեան օրօք նաեւ անցեալ տարի սեպտեմբեին՝ կառավարութեան դիմաց, սակայն որեւէ պատիժ ու քրէական գործ չկայ: