image

Հալէպի որ շրջանին մէջ աշխատանքներ կը կատարեն հայ փրկարարները

Հալէպի որ շրջանին մէջ աշխատանքներ կը կատարեն հայ փրկարարները

Հայաստանէն Սուրիա մեկնած հայ փրկարարական ջոկատները կ'աշխատին Հալէպ քաղաքի «Շաար» շրջանին մէջ: Այս մասին յայտնած է News.am-ի աղբիւրը:

Հայ փրկարարները կը մասնակցին փլատակներէն զոհերու կամ ողջ մնացած մարդոց որոնողական աշխատանքներուն: Անոնք կ'աշխատին նախորդ օրուընէ, նախնական կատարած են երկրաչափական աշխատանքներ, ներկայիս ձեռքով կը վերցնեն քարերը, քանի որ տեղեկութիւններ կան, որ շէնքերու տակ կան ընտանիքի 7 անդամներ, որոնք ողջ են:

Հալէպ քաղաքի մէջ փլած են 50 շէնքեր: Մինչեւ երէկ գիշեր, Հալէպի բնակչութիւնը, ներառեալ հայերը իրենց բնակարաներուն մէջ չեն գիշերած:

Նշենք, որ այդ թաղամասը հայաբնակ չէ։

Յիշեցնենք, որ 8 փետրուարին յատուկ չուերթով Թուրքիա եւ Սուրիա մեկնած հայկական քաղաքային որոնողափրկարարական խումբերը կը շարունակեն աշխատանքներ իրականացնել Թուրքիոյ Ատիյաման եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքներուն մէջ։