Հալէպի օդակայանը հարուածներու թիրախ

Հալէպի օդակայանը հարուածներու թիրախ

Հալէպի միջազգային օդակայանը հարուածներու թիրախ դարձած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ սուրիական լրասփիւռներէ։

 Կը նշուի, որ Հալէպի օդակայանի ամբողջ շրջանին մէջ առնուազն երեք հզօր պայթումներ լսելի դարձած են, որմէ ետք ալ պարզ եղած է, որ իսրայէլեան կործանիչներ հրթիռներ նետած են օդակայանին վրայ։ 

Հրթիռները պատճառած են բացառապէս նիւթական վնասներ, որոնց տարողութեան մասին ցարդ տուեալներ չկան։ 

Տուժածներ կամ վիրաւորեալներ չեն գրանցուած։

 

Կը հաղորդուի նաեւ, որ իսրայէլեան օդուժին կողմէ եղած այս գրոհը առաջինն է տարիէի ի վեր։