Օրերս Հալէպի մէջ եւ որպէս նշան երխատագիտութեան Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեծեցւոյ համայնաքպետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին յուշանուէր մը յանձնուած է։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայ Աւետարանական «Բեթել» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2023-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ներկայ գտնուեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի «Զուարթուն» խումբի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ օրհնութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Պատրիարք Հօր եւ հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս։
«Զուարթուն» խումբի աշակերտները իրենց երկամսեայ գործունէութեան աւարտին ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր։
Սոյն հանդիսութեան աւարտին, «Զուարթուն» խումբին կողմէ յուշանուէր փոխանցուեցաւ Վերապատուելիին, առ ի երախտագիտութիւն իր ցուցաբերած գործակցութեան։