image

Հալէպի մէջ.Կիլիկեան Ճեմարանի Միջնակարգի ամավերջի փայլուն հանդէսը. (Լուսանկարներ)

 Հալէպի մէջ.Կիլիկեան Ճեմարանի Միջնակարգի ամավերջի փայլուն հանդէսը. (Լուսանկարներ)

 

 

 

Հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական բաւականին բարդ պայմաններուն Հալէպի հայկական համայնքը կը շարունակէ իր երթը։ Այս առումով յաւելեալ կայունացման, զարգացման եւ ամբողջական վերականգնման մեծ յոյսեր կ՚երեւին հորիզոնին վրայ։ 

Այս ծիրին մէջ, անկարելի էր անտես առնել կամ չնկատել Հալէպի «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան հովանիով գործող Կիլիկեան վարժարանի ապրած եռուզերը, ոչ միայն ամավերջի աւանդական վկայականաց բաշխման առընթեր այլ ամբողջ տարին նկատելի դարձած կրթական յաջողակ կեանքով, որ նոյնպէս նոր աւիշ եւ եռանդ կը հաղորդէ հայկական գաղութի ամենակարեւոր երակին՝ երիտասարդութեան։ Այս առումով ալ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Կիլիկեան» վարժարանի օրեր առաջ տեղի ունեցած ամավերջի վկայականաց հանդիսութեան հակիրճ թղթակցութիւնը, որ լոյս տեսած էր համանուն վարժարանի դիմատետրի էջին վրայ։ 

 

Կիրակի , 3 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Կիլիկեան Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի աւարտական ամավերջի հանդէսը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետը եւ անդամները , Կիլիկեանի հոգաբարձութիւնը , տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեանս հովանաւորութիւնը վայելող մշակութային , մարզական , Ուս.-Երիտ. , Տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները։

Հանդէսը սկիզբ առաւ ներկաներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ յարգելու արաբ եւ հայ նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով կատարուեցաւ աւարտականի աշակերտ-աշակերտուհիներու կողմէ: 

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը կ'ընդգրկէր հայկական եւ արաբական պար , խմբային ասմունք՝ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն , երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը հայրենասիրական երգեր։

Հայերէն եւ արաբերէն ուղերձները ընթերցուեցաւ 9-րդ կարգի աշակերտութեան կողմէ. անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութեան , տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին , ազգանուէր բարերարներու եւ ծնողներուն ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան համար։ Անոնք խոստացան մնալ իրենց նախնիներուն նման՝ գիտութեան եւ ուսման մէջ պատուաբեր արդիւնքներ ապահովելու , մնալ հաւատարիմ Կիլիկեան ճեմարանի ուխտին ։

Ապա հրաւիրուեցաւ Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէն Յովհաննէս Ջուլճեան փոխանցելու տնօրէնութեան պատգամը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին Կիլիկեան Ճեմարանին։ Աւարտին ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ ըսաւ, թէ երեք տարուան աշխատանքին արդիւնքով դուք հասաք այս օրուան ու մաղթեց բոլորին, որ պետական քննութիւններուն փայլուն արդիւնքներ ապահովեն ։ Տնօրէնը մեծ դրուատիքով ուժ եւ կորով մաղթեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան իմաստուն եւ խոհեմ վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշար Ալ Ասատին, որպէսզի Սուրիան առաջնորդէ դէպի բարգաւաճ երկիր անցեալին նման :

Ժամը հասած էր վկայականաց բաշխումին, ուր տնօրէն Պրն. Յովհաննէս Ջուլճեանի եւ տեսուչ տիկին Քարէն Չոփուրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ արարողութիւնը :

Հանդիսութեան ընթացքին տիկին Քարէն Չոփուրեան ընթերցեց Ամերիկայի Կիլիկեան Բարեգործական Միութեան նամակը՝ ուղղուած Կիլիկեան Ճեմարանի մեծ ընտանիքին , նաեւ մաղթելով շրջանաւարտներուն փայլուն ապագայ , ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Կիլիկեանին եւ բարձր պահելով Կիլիկեան Ճեմարանի ջահը սերունդէ սերունդ: Տիկին Չոփուրեան շնորհակալական խօսք ուղղեց երկկողմանի գործակցութեան համար, որ փայլուն ապագայ կը խոստանայ անկեղծ համագործակցութեան որպէս արդիւնք:

Այս տարի նաեւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում այն աշակերտներուն, որոնք 2020-2021 տարեշրջանի բարձրագոյն միջին եւ առաջնութիւն ապահովուած էին: Անոնք ստացան նիւթական պարգեւ բարերար ընկեր Ճորճ Թաւուքճեանի կողմէ , ինչպէս նաեւ Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութեան կողմէ նիւթական պարգեւներ ստացան հայոց լեզուի բարձրագոյն նիշ եւ առաջնութիւն ապահոված աշակերտները :

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ խրախճանք Կիլիկեան Ճեմարանի նախակրթարանի բաժնին մէջ, ծնողներուն ներկայութեամբ : 

Շնորհաւոր, սիրելի շրջանաւարտներ, կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք բոլորիդ։